ArtLinks երիտասարդական ցանց

Համազգային ArtLinks Երիտասարդական Ցանցի հաւաքները կը շաղկապեն  Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական մշակոյթով խանդավառ երիտասարդները՝ ընտրանի հայ արուեստագէտներու հետ։ ArtLinks Ցանցի աշխատանոցները մասնակիցներուն կը տրամադրեն երկխօսութեան միջավայր մը համբաւաւոր հայ արուեստագէտներու հետ, որոնք կու գան ստեղծագործական գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի, պարարուեստի, սինեմայի, լրագրութեան եւ նոր քարոզչական միջոցներու բնագաւառներէն:

ArtLinks հաւաքի ընթացքին պիտի կարենաս

  • Շփուիլ Ա.Մ.Ն-էն եւ Գանատայէն քեզի տարեկից երիտասարդներու հետ, չորս օրերու ընթացքին, առանձնացած վայրի մը մէջ.
  • Ծանօթանալ իրենց մարզերուն մէջ մասնագիտացած հայ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու.
  • Մասնակցիլ զանազան աշխատանոցներու, որոնք պիտի զարգացնեն հայ մշակութային ժառանգութեան մասին ծանօթութիւններդ.
  • Զրուցել հայկական ինքնութեան մասին՝ քեզի նման երիտասարդներու հետ։

Մասնակիցները պարտին ըլլալ 21-35 տարեկան եւ լրացնեն առցանց արձանագրութեան դիմումնագիրը ստորեւ։

2023-ի աշխատանոցներու վարիչներ